Sign the Armenian Letter for Black Lives (Western Armenian)
Sign in to Google to save your progress. Learn more
First Name *
Last Name *
Email Address *
Zip Code
Comment
Optional
Occupation/Affiliations
Optional
Armenian Letter for Black Lives (Western Armenian)
Սիրելի Մայրիկ, Հայրիկ, Քեռի, Մօրաքոյր, Հօրաքոյր, Թանթիկ, Ամօ, Մեծ Հայրիկ, Մեծ Մայրիկ՝

Պէտք է խօսինք:

Կրնայ ըլլալ որ դուք չէք մեծցած սեւ մարդոց շուրջ, իսկ ինծի համար՝ ընդ հակառակը: Սեւ ժողովուրդը հիմնական մաս կը կազմէ կեանքիս՝ բարեկամներս, դասընկերներս, անդամակիցներս, սենեակակիցներս, ընտանիքս են: Այսօր, կը վախնամ իրենց կեցութեան համար:

Այս տարի, Ամերիկեան ոստիկանութիւնը արդէն 500-էն աւելի հոգի սպաննած է: Անոնցմէ, 25%-ը սեւ եղած են, հակառակ անոր որ սեւ մարդիկ միայն 13% կը կազմեն երկիրին բնակչութեան: Անցեալ ամիս Լուիզիանային մէջ, երկու ճերմակ ոստիկաններ սպաննեցին սեւ մարդ մը՝ Ալթոն Սթէրլինկը, երբ ան CD կը ծախէր փողոցին մէջ, ինչպէս ամէն օր: Ճիշդ յաջորդ օրը Մինէսոթային մէջ, ոստիկան մը կրակեց սեւ մարդու մը վրայ՝ Ֆիլանտո Քասթիլին, եւ այսպէս մեռցուց անոր իր ինքնաշարժին մէջ, կտրուած լոյսի մը պատճառով կեցնելու ընթացքին: Մինչ այդ, Ֆիլանտոյին քովի նստած ընկերուհին ու ետեւի նստած չորս տարեկան աղջիկը կը դիտէին այս դէպքը: Ոստիկանութիւնը, ջախջախիչ կերպով, որեւէ պատիժ չստանար այս կեանքերը վերջ բերելու յանցանքին համար:

Ասիկա սարսափելի իրականութիւն մըն է, որ իմ ամենամտերիմ ընկերներէս յատուկ անձերը կը կրեն ամէն օր:

Երբ սեւ ամերիկացիներուն այս դիմաւորած վտանգներուն մասին լսենք, մեր բնազդը երբեմն այն է որ մատնանշենք բոլոր տարբերութիւնները մեր եւ իրենց միջեւ: Ընդհանրապէս մեր աչքերը կը փակենք իրենց ապրած իրականութեան դիմաց, փոխարէն համակրական հասկացողութիւն յայտնելու: Երբ որ ոստիկան մը սեւ անձի մը վրայ կրակէ, կրնայ ըլլալ որ կարծէք թէ զոհին յանցանքն է, քանի որ լուրերուն մէջ յաճախ իրենց պատկերները կը տեսնէք իբր աւազակներ ու անբարոյ անձիք: Վերջ ի վերջոյ, թերեւս կ’ըսէք. «Մենք կրցանք Ամերիկա գալ պարապ ձեռքերով ու գլուխ հանել մեր ընտանիքներուն համար, չնայած խտրականութեան դէմ. ուրեմն, ինչո՞ւ իրենք չեն կրնար»:

Կ’ուզեմ ձեզի համար արտայայտել իմ տեսակէտս՝

Ճիշդ է որ մենք յաճախ խտրականութիւն կը զգանք հայ ըլլալու համար այս երկիրին մէջ: Երբեմն մարդիկ կոշտօրէն կը խօսին մեր անգլերէն խօսքի արտասանութեան մասին, կամ ալ կը խնդան մեր չնմանող արտաքին յատկանիշներուն վրայ։ Մեզմէ քանի մը հոգիի ահաբեկիչ կը կոչեն: Բայց մեծամասնութեամբ, ոեւէ մարդ չի կարծեր որ «վտանգաւոր ոճրագործ» ենք երբ փողոցը կը քալենք: Ոստիկանութիւնը չի սպաններ մեր զաւակները ու ծնողները, անխտիր ու առանց արդար պատճառաբանութեան:

Հակառակը կը տեսնենք մեր սեւ ընկերներուն պարագային: Պէտք է միշտ յիշենք իրենց պատմութիւնը այս երկրէն ներս։ Պէտք է յիշենք որ սեւ մարդիկ ակամայ առնուած եղած են իրենց հայրենիքէն Ափրիկէի մէջ, եւ բերուած Ամերիկա իբր գերի: Դարերով, իրենց համայնքները, ընտանիքները, ու մարմինները օգտագործուած եղած են շահոյթի համար: Նոյնիսկ գերութենէն ետք, ստիպուած եղած են առանձին վերաշինելու իրենց կեանքերը, առանց որեւէ օրինական աջակցութեան -- արգիլուած քուէարկելէն կամ տանտէր ըլլալէն, ու անընդհատ բռնութեան սպառնալիքի տակ, որ կը շարունակուի մինչեւ այսօր:

Իրենց իրաւունքները պաշտպանելու ընթացքին, սեւ առաջնորդներն ու մտաւորականները մշակած են քաղաքական իրաւունքներու շարժումը, ո՛չ միայն իրենց համայնքին համար, բայց նոյնպէս մեզի համար: Սեւ ժողովուրդը ենթարկուած եղած է ծեծերու, բանտարկութեան, ու նոյնիսկ սպանութեան, որպէսզի հաստատուի ամերիկահայերուն -- եւ նոյնպէս միւս փոքրամասնութիւններուն -- վայելած իրաւունքներէն մեծ բաժին մը: Մենք իսկապէս պարտական ենք ի վերադարձ: Այս պահուն, բոլորս ալ կը պայքարինք նոյն անարդար դասաւորութեան դէմ, որ պիտի նախընտրէ թէ մենք՝ փոքրամասնութիւններս, իրար դէմ մրցինք:

Երբ որ անձ մը տուն կը քալէ, եւ քաղաքական խաղաղութեան ուխտեալ պաշտպան մը վրան կը կրակէ -- նոյնիսկ եթէ այդ պաշտօնեային մականունը Գրիգորեան ըլլայ -- ատիկա յարձակում կը նշանակէ մեր բոլորին վրայ, որովհետեւ ան խախտում մըն է այն օրէնքին որ պէտք է պաշտպանէ հաւասարութեան ու արդարութեան գաղափարը։

Այս պատճառները զիս կը մղեն որ աջակցիմ «Սեւերի Կեանքն Էական Է» շարժումին: Այս աջակցութիւնը կ՚ենթադրէ մատնանշել իմ համայնքիս -- եւ նոյնիսկ ընտանիքիս -- խօսքերը ու վարմունքները որոնք կը վարկաբեկեն սեւ ամերիկացիները եւ իրենց մարդկութիւնը: Այս բոլորը սիրելով կ’ըսեմ ձեզի, որովհետեւ չեմ ուզեր որ այս խնդիրը մեզի բաժնէ: Կը խնդրեմ որ փորձէք ցաւակցութեամբ հասկնալ բարկութիւնը եւ վիշտը այս հայրերուն, մայրերուն, ու զաւակներուն, որոնք իրենց հարազատները կորսնցուցած են ոստիկանութեան բռնութեան ձեռքը: Կը խնդրեմ որ փորձէք հասկնալ ի՛մ բարկութիւնս ու վիշտս եւ որ աջակցիք ինծի երբ որոշեմ ձայնս բարձրացնել եւ ցոյց ընել ի պաշտպան իրենց իրաւունքներուն: Կը խնդրեմ որ տարածէք այս նամակը ձեր ընկերներուն եւ քաջալերէք որ իրենք ալ հասկացողութիւն ունենան այս հարցին շուրջ:

Իբր ձեր զաւակը, ես հպարտ եմ ու յաւէտ շնորհակալ որ երկար ու դժուար ճամբայէն անցաք այս երկիրը հասնելու, որ տասնամեակներ ապրած էք տեղ մը որ միշտ ձեզի բարով չէ ընդունած: Երբէք չէք ցանկացած որ ես ձեր ցաւերէն անցնիմ: Դուք տառապած էք ու դիմացած էք կանխակալ Ամերիկայի մը մէջ, որպէսզի ինծի մօտեցնէք Ամերիկեան Երազին:

Սակայն կը յուսամ որ հետեւեալը կրնաք նկատի առնել՝ Ամերիկեան Երազը չի կրնար միայն ձեր զաւակներուն համար ըլլալ: Մենք բոլորս ձեռք-ձեռքի ենք, միասին, եւ մենք չենք կրնար ապահով զգալ մինչեւ որ բոլո՛ր մեր ընկերները, հարազատները, ու դրացիները ապահով են: Մեր փնտռած Ամերիկեան Երազը կը նշանակէ տեղ մը ուր ոեւէ ամերիկացի կրնայ ապրիլ առանց ոստիկանութեան բռնութեան վախի: Ա՛ս է ապագան որ ես կը փափաքիմ կերտել -- եւ յոյսով եմ որ կը համապատասխանի ձեր նոյն փափաքին:

Սիրով եւ յոյսով՝

Ձեր զաւակները


Յ.Գ.՝ Մենք, մանաւանդ իբր հայ, պէտք է հասկնանք այս հարցը՝ երեւակայեցէ՛ք հայի մը վիճակը Թուրքիոյ մէջ, ու պարզօրէն կ’ըմբռնէք նմանութիւնները:

The letter is adapted from Letters for Black Lives, a set of crowdsourced, multilingual, and culturally-aware resources aimed at creating a space for open and honest conversations about racial justice, police violence, and anti-Blackness in our families and communities. For more information and the original letter this was adapted from click here: https://lettersforblacklives.com/dear-mom-dad-uncle-auntie-black-lives-matter-to-us-too-7ca577d59f4c#.6su8chgb2
Submit
Clear form
Never submit passwords through Google Forms.
This content is neither created nor endorsed by Google. Report Abuse - Terms of Service - Privacy Policy